2016-06-10 14:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը` ''Աստուած ներկայ է հիւանդները խնամող անհատներուն մէջ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 10 յունիս 2016-ին սկիզբ առաւ Հիւանդներու Յոբելենական տարւոյն նշումը որ կ՛եզրափակուի Կիրակի` 12 յունիսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապին մատուցած սուրբ պատարագի արարութեամբ։

Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ յայտնեց թէ ''Աստուծոյ քնքշութիւնը կը յայտնուի բազմաթիւ մարդոց ապրելակերպի միջոցաւ որոնք հիւանդներու մօտ կը գտնուին ու կը խնամեն զանոնք սիրով լի աչքերով''։

''Աստուծոյ քնքշութիւնը ներկայ է բազմաթիւ մարդոց ապրելակերպի միջոցաւ­, որոնք հիւանդներու մօտ են, կը խնամեն զանոնք, սիրով լի աչքերով'' գրեց Սրբազան հայրը իր հրապարակած թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.